Ազգային պետականութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ է ամբողջական համախմբում. կարգախօսը, ուրեմն, կը վերաձեւակերպուի` «Հայեր բոլոր երկիրներուն, միացէ՛ք». «Ազդակ»
Հայկական մայիս 1-ը ոչ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներու, աշխատանքի ժամերը յարգելու, զանոնք չշահագործելու, արդար վարձատրութիւն ապահովելու կամ քաղաքացիական իրաւունքները լիարժէք յարգելուն կը վերաբերի, այլեւ ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւազրկումին ահազանգը կը հնչեցնէ: Արցախի ժողովուրդը իրաւազրկուած է: Ցեղային զտումի ենթարկուած է, բռնի տեղահանուած է, զրկուած է բնօրրան դառնալու իր իրաւունքէն: Իրաւազրկումը այս պարագային ոչ միայն անվտանգ, ազատ ու