Ատրպէյճանի մէջ հայերուն հաշւոյն լրտեսութիւն կատարողներու «բացայայտման» սենարիօ. «Հայրենիք»
Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւնները, անտեսելով միջազգային ընտանիքին եւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն արարողակարգային յայտարարութիւններն ու կոչերը, կը շարունակեն ճնշել ընդդիմութիւնը՝ կալանաւորելով իշխանութիւններուն քաղաքական ուղղութիւններուն հետ անհամաձայն լրագրողներ, կուսակցական գործիչներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Պաքուի իշխանութիւններուն համար մեղադրանք չի պակսիր։ Անոնք ոեւէ անձի կրնան շատ դիւրութեամբ ուղղել այնպիսի մեղադրանքներ, որոնք ոչ մէկ աղերս ունին իրականութեան հետ։ Ամէնէն