Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանների հետ․ «Գանձասար»
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր.Ապտօ Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմնի ատենապետ Ժան Պապլանեան: Երեսփոխանները թեմակալ առաջնորդին հետ զրուցեցին երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ անցնող օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի սպառնացող վտանգին եւ նահանգի գաւառներուն մէջ ընթացող ռազմական