Ազգային Վերապրումի Համազգային Ռազմավարութեան Կառոյց Մը Ստեղծելը, Այսօր Հրամայական Առաջնահերթութիւն Է
Կոչ կուղղենք իրենց բոլորին, ամենաշուտը իշխանութեան հետ գործակցիլ կազմելու համար վերեւը բնութագրուած Ազգային անվտանգութեան եւ վերապրումի ռազմավարութեան մշակման և գործադրութեան վերահսկիչ Խորհուրդ մը: Բնականաբար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այս Խորհուրդին կողքին ստեղծել մասնագիտացած ենթակառոյցներ կազմուած, դիւանագիտական, ֆինանսական, իրաւաբանական, լրագրական եւ ռազմական հարցերու փորձառու մասնագէտներէ: Հայաստանը եւ Սփիւռքը կարող են այս կարգի պատկառելի մասնագէտներ առատօրէն հայթայթել: