Օրակարգի առանձին կէտ էր Հայաստանի իշխանութիւն-եկեղեցի խորացող տագնապն ու էջմիածնական սրբազաններու դէմ յարուցուող քրէական դատերը
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաճախակի կապի մէջ է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, աննախընթաց այս տագնապի յաղթահարման համար։ Ժողովականները անընդունելի գտան իշխանութեան կողմէ պառակտիչ այս ընթացքին շարունակութիւնը՝ ընդգծելով, որ պառակտումի ալիքը հասած է նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող էջմիածնական թեմեր, եւ շեշտելով, որ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը, եկեղեցական կանոններու համաձայն, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրն է։