Սպանական Լլէյտա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
«Ազդակ». Սպանիոյ Լլէյտա քաղաքի քաղաքապետարանը միաձայնութեամբ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ որոշելով այս տարուընէ սկսեալ իրականացնել տարեկան ոգեկոչման ծրագիրներ։ Համայնքի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ այս ճանաչումը ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնում է, այլեւ անհրաժեշտ քայլ՝ կանխարգիլելու համար նմանօրինակ ոճիրներու շարունակութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ Արցախի պարագային։ 30 յունուարին Սպանիոյ Լլէյտայի քաղաքապետարանի լիագումար նիստի ընթացքին Քաթալոնիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ազգերու